وزيرة الشؤون الاجتماعية تبحث مع مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب سبل تعزيز الشراكة المجتمعية

التقت وزيرة الشؤون الاجتماعية والعمل السيدة هند قبوات مع نيافة مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها ماكار أشكاريان خلال زيارته إلى دمشق، لبحث سبل تعزيز الشراكة المجتمعية والتعاون مع المجتمع المدني والروحي.

وتناول اللقاء مناقشة تعزيز دور الوزارة في ترسيخ السلم الأهلي وبناء الجسور المجتمعية، إلى جانب بحث الجهود المبذولة لتحديث “قانون المنظمات” وتطبيق “التحول الرقمي” في قطاع العمل لتحسين جودة الخدمات، والتأكيد على الدور المحوري للمجتمع المدني في دعم التنمية المجتمعية، كما بحث اللقاء أهمية دمج ذوي الإعاقة، والحاجة الماسة لترميم وتأهيل دور رعاية المسنين والأطفال وذوي الإعاقة لتوفير بيئة آمنة ومناسبة.

Դամասկոս կատարած իր այցելութեան շրջագիծէն ներս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի նախարար Հընտ Քապաուաթիի հետ։ Հանդիպումին նպատակն էր քննարկել ընկերային գործակցութեան սերտացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ գործակցութեան զարգացման ուղիները։

Խորհրդակցութեան ընթացքին արծարծուեցան սուրիական ընկերութեան ներքին խաղաղութեան ամրապնդման եւ հասարակական կամուրջներու կառուցման մէջ նախարարութեան դերակատարութեան աշխուժացման հարցերը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Կազմակերպութիւններու օրէնք»-ի արդիականացման ուղղութեամբ թափուող ջանքերուն, ինչպէս նաեւ աշխատանքային մարզէն ներս «թուայնացման համակարգի» ներդրման ծրագրերուն, որոնք կը միտին բարելաւել մատուցուած ծառայութիւններու որակը։

Կողմերը շեշտեցին քաղաքացիական հասարակութեան առանցքային դերը հաւաքական զարգացման օժանդակելու իմաստով։ Ուշադրութեան արժանացաւ յատուկ կարիքներ (հաշմանդամութիւն) ունեցող անձերու հասարակութեան մէջ ներառման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տարեցներու, մանուկներու եւ յատուկ խնամքի կարօտ անհատներու պատսպարաններու վերանորոգման ու վերաորակաւորման հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ անոնց համար ապահով եւ արժանապատիւ միջավայր մը երաշխաւորելու նպատակով։