ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌՈՆԱԼՏՈՆ ՄԻԱԿ ԽԱՂԱՑՈՂՆ Է, ՈՐ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ո ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ
Փորթուկալի հաւաքականի եւ սէուտական «Ալ-Նասրի» խումբին 39-ամեայ յարձակող Քրիստիանո Ռոնալտոն աշխարհի մակարդակով առաջին խաղացողն է, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ եւրոյի հերթական վեց  ախոյեանութիւններուն: Ռոնալտո նաեւ կատարեց իր 19-րդ հանդիպումը Եւրոպայի առաջնութեան մրցաշարքերուն եւ գերազանցեց Իտալիոյ հաւաքականի նախկին պաշտպան Լեոնարտո Փոնուչիի արձանագրած թուանիշը՝ 18 հանդիպումով: F խումբի երկրորդ փուլի մրցումին Փորթուկալ  3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց  Թուրքիան եւ նուաճեց 1/8 եզրափակիչի ուղեգիրը։ Ռոնալտո դարձաւ կոլային փոխանցման հեղինակ եւ տարիքային մրցանիշ գրանցեց։
ՈՒՔՐԱՆԻԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՍԼՈՎԱՔԻԱՆ
Եւրոպայի Ֆութպոլի առաջնութեան խմբային երկրորդ փուլին (E խումբ) Սլովաքիան մրցեցաւ Ուքրանիոյ հետ: Թիւսելտորֆի մէջ տեղի ունեցած խաղին Սլովաքիոյ խաղացողները կրցան աւելի երկար ժամանակ տիրապետել խաղարկութեան, բայց ուքրանացի խաղացողները աւելի շատ վտանգի ենթարկեցին մրցակիցին դարպասը:  Առաջին կիսախաղին, Սլովաքիոյ հաւաքականի խաղացող Շրանցը կատարեց կոլերու բացումը:  Երկրորդ կիսուն, ուքրանացիները քանի մը առիթներով կրցան գրաւել մրցակիցին կիսադաշտը եւ 54-րդ վայրկեանին յաջողեցան նշանակել հաւասարութեան կոլը: Կոլէն ետք, ուքրանացիները  շարունակեցին իրենց յարձակումները եւ անգամ մը եւս, 74-րդ վայրկեանին, կրցան ցնցել մրցակիցին դարպասը։ Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ  2 – 1 արդիւնքով:
ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԽԱՂԱՑՈՂԸ ԳԼՈՒԽԻ ԾԱՆՐ ԱՐԿԱԾ ԱՆՑՈՒՑ
Կիրակի օրուան եւրոյի մրցումներուն ընթացքին, Հունգարիոյ հաւաքականի խաղացող Պարնեաս Ֆարկան  գլուխի արկածի մը հետեւանքով վիրաւորուեցաւ: Սքոթլանտայի դէմ տեղի ունեցած մրցումի 67-րդ վայրկեանին, Ֆարկան մրցակիցի դարպասապահին զարնուելով գետին ինկաւ, որուն հետեւանքով հանդիպումը քանի մը վայրկեանով  դադրեցաւ: Առաջին օգնութեան խումբը անմիջապէս մուտք գործեց դաշտ եւ շրջանակ  մը կազմելով ծածկեց խաղացողը՝ զինք փոխադրելով հիւանդանոց: Երեկոյեան, հաւաքականի պատասխանատուները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ խաղացողը անցուցած է վտանգի փուլը եւ այժմ կարիք ունի հանգիստի:
Աւելցնենք, որ նման դէպք պատահեցաւ նախորդ եւրոյի մրցումին, երբ Դանիայի հաւաքականի խաղացող Էրիքսըն գլխու հարուած մը ստանալով հեռացաւ դաշտէն:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան