ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ, արժանթինցի Հիքթոր Քուփըր Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան զտման մրցումներուն Ճափոնի հաւաքականէն 5 – 0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք իր հրաժարականը ներկայացուց: Այս արդիւնքով, Սուրիա  զրկուեցաւ համաշխարհային ախոյեանութեան մրցումներու մասնակցութեան իրաւունքէն: Աւելցնենք, որ մրցումէն ետք Ֆութպոլի Դաշնութիւնը քննադատուեցաւ, եւ մեծ թիւով մարդիկ պահանջեցին Քուփըրի հրաժարականը:
-Սուրիոյ թենիսի հաւաքականը համաշխարհային Տէվիզի մրցաշարքի մասնակցութեան իրաւունք ստացաւ՝ Յորդանանի մէջ պարտութեան մատնելով Վիեթնամը: Սուրիացի մարզիկները կրցան յաղթել նաեւ Օքիանոսիոյ Փասեվիքին 3 – 0, Իրանին 3 – 0 եւ Յորդանանին 2 – 1 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ԵՒՐՕ-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
14 Յունիսին, Գերմանիոյ մէջ սկսաւ Եւրօ-ի ախոյեանութիւնը: Եւրոպայի 2024 թուականի առաջնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14 Յունիս-էն  14 Յուլիս։ Խմբային փուլի առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւած հաւաքականները, ինչպէս նաեւ 4 լաւագոյն երրորդ տեղերը գրաւած կազմերը դուրս պիտի գան 1/8-րդ եզրափակիչ փուլի: Մրցաշարքին մաս կը կազմէ  24 հաւաքական։
Ա.  խումբ
Գերմանիա –  Սքոթլանտա – Հունգարիա – Զուիցերիա
Բ.  խումբ
Սպանիա – Իտալիա – Խրուաթիա – Ալպանիա
Գ.  խումբ
Դանիա- Սլովենիա – Սերպիա – Անգլիա
Դ.  խումբ
Լեհաստան – Հոլանտա  – Աւստրիա – Ֆրանսա
Ե.  խումբ
Պելճիքա – Սլովաքիա – Ռոմանիա – Ուքրանիա
Զ.  խումբ
Թուրքիա – Վրաստան – Փորթուկալ – Չեխիա
Եւրոպայի առաջնութեան գործող ախոյեանը Իտալիոյ հաւաքականն է, որ վերջին մրցաշարքի եզրափակիչին՝ յաղթեց Անգլիոյ հաւաքականին։ Գերմանիան եւ  Սպանիան միակ հաւաքականներն են, որոնք արժանացած են ախոյեանութեան, իւրաքանչիւրը երեք անգամ: Սպանիոյ հաւաքականը միակն է, որ  կրցած է պաշտպանել տիտղոսը՝ երկու անգամ անընդմէջ ախոյեան դառնալով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան