«Գանձասար»-  Բերիոյ Հայոց Թեմի  Ուսումնական Խորհուրդը կազմակերպած է ուսուցիչներու վերապատրաստման առցանց դասընթացք մը, հեռավար դրութեամբ։ Ի՞նչ փուլի մէջ է ներկայիս դասընթացքը, ինչպիսի՞ յաւելեալ գիտելիքներով պիտի օժտէ ազգային վարժարաններու մեր վաստակաւոր եւ նորեկ ուսուցիչները։
Անի Գալտնեան- Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին համար էական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ազգային վարժարաններու մէջ դասաւանդող մեր ուսուցիչներու աշխատանքին եղանակը զարգացնելն ու կատարելագործելը, միշտ քայլ պահելով մանկավարժական նորարարութիւններու հետ։
Պատերազմէն առաջ, խորհուրդս այսպիսի դասախօսութիւններ, սեմինարներ յաճախ կը կազմակերպէր։ Պատերազմէն ետք, քանի մը տարի առաջ Քեսապի մէջ սեմինար մը կազմակերպուեցաւ Շահան սրբազանին հովանաւորութեամբ։ Անցեալ տարի աշխատեցանք ութամսեայ դրութեամբ դասընթացքի մը իրագործման համար։ Դասընթացքը առցանց էր,  ինչ որ մասամբ կը դժուարացնէր բոլոր ուսուցիչներուն մասնակցութիւնը մեր երկրի պայմաններուն, ելեկտրականութեան, համացանցի անկայուն ըլլալուն բերումով։ Անցեալ տարի ծրագիրը չյաջողեցաւ։
Բայց այս տարի որոշեցինք հաւաքական դարձնել դասընթացքը, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր անձնական միջոցներով մասնակցելու պարտաւորութիւն չունենայ, յատկապէս նկատի ունենալով ժամերու տարբերութիւնը մեր եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ։ Խորհուրդս անհրաժեշտ նկատեց ազգային վարժարաններու մէջ ծառայող բոլոր ուսուցիչներուն (մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի) մասնակցութիւնը ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդութեան հովանաւորութիւնը եւ ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին գործակցութիւնը վայելող «Մանկավարժական Նորարար Առցանց Ծրագիր Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Համար», «Լեզուն Ապրիլ Էջէն Անդին» ենթավերնագրերով՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան «Ուս Հարթակ» 52-շաբաթեայ 2023-2024 տարեկան մանկավարժական օգտաշատ ծրագիրին։ Այս ծրագիրը ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը կը հովանաւորէ տեղւոյն Ուսումնական Խորհուրդին հետ գործակցելով։ Ծրագիրին, որ երկու տարիներու վրայ կ’երկարի, գրեթէ մեր բոլոր ուսուցիչները մաս կազմեցին։ Ծրագիրը կը կիրարկուի ամիսը 4 օրերու դրութեամբ, Ուրբաթ օրերը, իւրաքանչիւր օրուան առաջին պահը կ’ըլլայ տեսական (երկու ժամ), իսկ երկրորդը՝ աշխատանքային (մէկուկէս ժամ)։
Սոյն հանդիպումները պիտի աւարտին Յունիս 24-ին։ Դասընթացքի բոլոր պայմանները ամբողջացնողները կը ստանան համապատասխան վկայական «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկէն։ Նկատի ունենալով տնային անբաւարար թեքնիք պայմաններն ու անյարմարութիւնները, Խորհուրդիս ծրագրով՝ մասնակիցները դասընթացքներուն կը հետեւին Համազգայինի «Զաւարեան» Մշակութային Կեդրոնի Հայագիտական Հիմնարկի Առցանց լսարանին ճամբով։
Առաջին փորձ-հանդիպումը տեղի ունեցաւ 10 Հոկտեմբեր 2023-ին։ Իսկ ուսուցչուհիները՝ թիւով 43, դասընթացքին գործնականապէս միացան 14 Հոկտեմբերին։ Առաջին նիստը անցաւ հաճելի, շինիչ եւ ուսուցողական մթնոլորտի մէջ։
Ծրագիրին, մեր ուսուցիչներուն կողքին կը մասնակցին նաեւ 84 այլ ուսուցիչներ Սփիւռքի տարբեր համայնքներէ։
«Ուս Հարթակ»-ը իւրաքանչիւր 2 շաբաթը մէկ նիւթ կը հրամցնէ՝ մեր անմիջական շրջապատէն քաղուած, մանկավարժական կարեւոր նիւթեր։
Բնականաբար մեր մասնակցութեան ժամերը յատուկ կարգադրութեամբ Սուրիոյ ժամերուն յարմարեցուցինք, որպէսզի մասնակիցները մինչեւ ուշ գիշեր հետեւելու պարտաւորութիւն չունենան։
«Գ. »- Հալէպահայ ուսուցիչը կրկնակի աշխատանք կը տանի թէ՛ ուսումնական ծրագրի եւ հայեցի դաստիարակութեան հետապնդումով, թէ ալ պատերազմի հետեւանքով աշակերտներուն  մօտ յառաջացած հոգեբանական տարբեր դժուարութիւնները  յաղթահարելու. եւ առողջ ու պայծառատես սերունդ պատրաստելու առումով, այդ ալ երկրի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ։ Նման դասընթացք նկատի կ’ունենա՞յ մեր երկրի պայմաններն ու մեր ուսումնակրթական մեթոտները։
Ա. Գ. – Ուսուցչուհիներուն առաջարկով հոգեբանական նիւթեր ալ խնդրեցինք ծրագրի կազմակերպիչներէն։  Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին ու հոգեբաններ տրամադրեցին մեզի։ Հոգեբան դոկտ.  Նորա Շիթիլեան անդրադարձաւ  «Խոց Ճգնաժամ» բառի սահմանումին (Trauma) եւ անոր ձգած ծանր ազդեցութեան պատերազմ ապրած մանուկներուն ներաշխարհին վրայ։ Յունաստանէն հոգեբան Անի Տէօքմէճեանն ալ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութեան դժուարութիւնները դիմագրաւելու ձեւերը պարզեց:
Մեր ուսուցիչները զրուցելով դասախօսներուն հետ հարցեր արծարծեցին, երեւոյթներ պարզեցին եւ միասնաբար քննարկեցին դժուար կացութիւններ յաղթահարելու մանկավարժական յարմարագոյն ձեւերը։
Մեր ուսուցչուհիները, բնականաբար, տարիներու փորձառութիւն ունին, բայց երբ մասնագէտի մը տեսակէտները կը լսեն, կը քննարկեն, կը զրուցեն, աւելի իրազեկ կը դառնան շարք մը կրթադաստիարակչական մեթոտներու:
«Գ. »- Սուրիոյ այլ  շրջաններու ուսուցիչները կրնա՞ն օգտուիլ այս ծրագիրէն։
Շրջաններէն ալ մասնակիցներ ունինք բարեբախտաբար, թէեւ ժամերու, ելեկտրականութեան եւ համացանցի դժուարութիւնները արգելք կը հանդիսանան բոլորին յարմար ժամ ու միջոց ճշդելու, սակայն մենք մեր կարելին ըրինք եւ ունինք մասնակի հետեւողներ Քեսապէն, Լաթաքիայէն եւ Գամիշլիէն:
Այս առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի «Ուս Հարթակ» ծրագրի ընդհ.  պատասխանատու տիկին Անի Կարմիրեանի, Ամերիկայի ազգ.  վարժարաններու խնամակալ մարմինի պատասխանատու տիկին Թամար Թիւֆէնքճեանի եւ տիկին Մարի Կիւլիւմեանի։ Յուսանք, որ մշտանորոգ ծրագիրներով կարելի կը դառնայ նոր հորիզոններ բանալ մեր վարժարաններու ուսումնակրթական գործընթացին դիմաց։
«Գ. »- Յաջողութիւն ձեզի եւ մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ 
Հարցազրոյցը վարեցին
«Գանձասար»-ի երիտասարդ լրագրողներու խմբակէն
Կիթառ Աւընեան եւ Սարին Գրիգորեան