Երկիրը բռնատիրական կարգերու տակ պահող, իր հանքային հարստութիւններով քաղաքական դաշտին տիրապետել ջանացող, սակայն իր ժողովուրդը աղքատ ու ժողովրդավարական իրաւունքներէ զերծ պահող Ատրպէյճանը չէ բաւարարուած Արցախի բռնագրաւումով, արցախահայութեան բռնի տեղահանումով ու Հայաստանի տարածքներ գրաւած ըլլալով։ Ան տակաւին ամէն առիթ կը գտնէ Հայաստանի ներքին թէ արտաքին յարաբերութիւններուն միջամտելու, Հայաստանը որպէս յարձակողապաշտ ու բռնագրաւող երկիր ներկայացնելու, յատկապէս Արցախի հայաթափումէն ետք ու այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման նախօրէին։
Իսկ ի՞նչ բանի կը միտի Ատրպէյճանի այս հակաքարոզչութիւնը։
Ատրպէյճան կ’ուզէ ամէն գնով միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանը ներկայացնել որպէս յարձակողապաշտ ու տարածքներ բռնագրաւող երկիր, յստակ քանի մը պատճառներով՝ նախ արդարացնելու իր յարձակումը Արցախի ժողովուրդին վրայ ու Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանումը, որպէսզի ապագային բացառուած ըլլայ արցախահայութեան վերադարձի  կամ այլ իրաւունքներու ձեռքբերման ամէն կարելիութիւն։ Երկրորդ, որպէսզի Հայաստանը զրկէ սպառազինութեան առումով ուժեղանալու եւ այլ երկիրներէ  ռազմական միջոցներ ներածելու կարելիութենէն։
Ատրպէյճան Արցախի բռնագրաւումով, կամ Հայաստանէն տարածքներ գրաւելով չէ բաւարարուած։ Ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերջնականացնելու իր բռնագրաւումը ու կանխելու Հայաստանի ուժեղացման ու Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու վերականգնումին ուղղուած ամէն կարելիութիւն, քանի որ շատ լաւ գիտէ, որ հայկական Արցախը բռնի ուժով դատարկուած է հայութենէ եւ թէ ուշ կամ կանուխ իրաւատէրը պիտի ուժեղանայ ու պահանջէ իր իրաւունքը։ Այս կարելիութիւնը բացառելու եւ Հայաստանի սպառանազինումը խանգարելու կոչուած են Ատրպէյճանի քայլերը։
Այս միտքը յստակօրէն կ’արտայայտէր Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ, երբ Չորեքշաբթի օր կը յայտարարէր թէ.  «Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին սպառազինութեան վաճառքը հարուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին», ապա կը կրկնէր իր յանկերգը թէ «Հայաստան այն երկիրն է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ յարձակողապաշտութիւն եւ բռնագրաւում իրականացուցած է։ Նման պետութեան զինումը անթոյլատրելի է»։
Պաքուն այսքանով ալ չի բաւարարուիր։ Ան այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումին համար պայմաններ կը սահմանէ։ Պայմաններ, որոնք Հայաստանի իշխանութիւններուն հայկական պահանջներու նշաձողի իջեցնելէն ետք յառաջ եկան ու կը շարունակուին աւելի շեշտակի լեզուով։
Այսպէս. արձագանգելով Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան այն յայտարարութեան, որ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան Պաքուի պահանջը կը մերժէր ու կ’ընդգծէր որ  Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ անոր փոփոխութիւնները Հայաստանի ներքին գործերուն կը վերաբերին ու կը շեշտէր, որ  սահմանադրութեան շուրջ 2018-ին սկսած ներհայաստանեան քննարկումներուն միջամտելու պաշտօնական Պաքուի փորձերը կոպիտ միջամտութիւններ են ՀՀ ներքին գործերուն, Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէ կրկին կը շեշտէր, որ «Երեւանի ու Պաքուի միջեւ իրական եւ յարատեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման գլխաւոր պայմանը Ատրպէյճանին ներկայացուող տարածքային պահանջներու դադրեցումն է»։
Անոր համաձայն, տարածքային այդ պահանջները «ամրագրուած են Հայաստանի բազմաթիւ իրաւական եւ քաղաքական փաստաթուղթերուն, յատկապէս Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ, որ բացայայտ յղում կը կատարէ «Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման կոչ ուղղող Անկախութեան հռչակագիր»-ին»։
Այդուհանդերձ, հաստատելով որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ անոր փոփոխութիւնները Հայաստանի ներքին գործերուն կը վերաբերին, Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կ’ընդգծէր, որ «Ամէն առիթով տարածաշրջանային սրումներ կանխատեսելու Ատրպէյճանի գործելակերպը մտածելու տեղիք կու տայ եւ  կու գայ հիմնաւորել  շարք մը կեդրոններու կողմէ  կատարուող այն վերլուծութիւնները, թէ Ատրպէյճան ամէն ինչ պիտի ընէ՝ վիժեցնելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու գործընթացը՝ Նոյեմբեր 2024-ին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP 29 գագաթնաժողովէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ նոր յարձակումի ձեռնարկելու համար»:
Այս բոլորին դիմաց հայկական կողմը օրակարգի վրայ պէտք է պահէ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը, Ատրպէյճանի կողմէ բռնի ցեղասպանութեան եւ տեղահանման ենթարկումը,  պաշտպանէ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, ոչ թէ լուռ մնայ ու Ատրպէյճանի արիւնոտ դիմագիծը անտեսող միջազգային հանրութեան լռութեան նպաստէ։
Ողջունելի են Հայ Դատի գրասենեակներու Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան դէմ տարած պայքարը, մարդկային իրաւանց մարմիններու մօտ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ ըլլալու եւ արցախահայերու մարդկային իրաւունքները ոտնահարած ըլլալու իրողութեան բարձրաձայնումը օրն ի բուն։ Այս արշաւը պիտի նպաստէ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն, մշակութային ջարդին ու յարձակողապաշտութեան վրայ լուսարձակները բաց պահելու, որպէսզի կարելի չըլլայ հայութեան ու Հայաստանի դէմ տարած Ատրպէյճանի քարոզչութիւնը յաջողցնել։
Տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութեան մասին չխօսելով, առիթ կու տանք որ Ատրպէյճան բարձրաձայնէ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» իր շինծու թեզին մասին, որպէսզի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կարողականութիւնը տկարացնէ ու  յանցագործութիւններու դերակատարի իր հանգամանքը շրջէ՝ այս անգամ հայութիւնը յանցագործ հռչակելով։
Մեր լռութիւնը, իրաւունքներու տիրութիւն ընելու ուշացումը ի վնաս մեր ազգի ու պետութեան պայքարին պիտի ըլլան, ուստի չընկրկինք ու շարունակենք սթափութեամբ դիտել զարգացումները ու վար չառնել պահանջատիրութեան մեր նշաձողերը, որպէսզի Ատրպէյճան չթօթափէ յարձակողապաշտ ու բռնագրաւող պետութիւն ըլլալու պիտակը կամ չյաջողի վերագրել զայն զոհին, այս պարագային հայ ժողովուրդին, հայկական պետականութեան։