Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, տարածաշրջանային խաղաղութեան քողին տակ Հայաստանին կը փորձեն պարտադրել քանի մը իրավիճակ։
Նախ Արցախը դատարկել ու յանձնել Ատրպէյճանին եւ չհամարել զայն այլեւս հայրենիքի մաս։ Հայրենիք հասկացութիւնը ընդհանրապէս կասկածի տակ առնել ու բաւարարուիլ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ, օրէ օր փոքրացող տարածքով։
Վերափոխել հայ ազգին էութիւնը, անոր խորհրդանիշները, ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Կրթական համակարգը փոխել ու անկէ դուրս հանել ամէն նիւթ եւ ամէն հեղինակ կամ արուեստագէտ, որ գրած է մեր ազգային նպատակներուն մասին, նկարած է մեր պատմական հայրենիքն ու զայն խորհրդանշող Արարատը։ Այլ խօսքով հայ ազգ ու հայրենիք հասկացութիւնները, ապա նաեւ եկեղեցին աղաւաղել ու պոկել մեր էութենէն։
Բագրատ սրբազանին ու անոր գլխաւորած շարժումին դէմ քաղաքական հետապնդումները վերածուած են հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքարի։ Լրատուամիջոցներու, նոյնիսկ Ազգային Ժողովի մէջ երեւելի են արհամարհական արտայայտութիւններն ու նուաստացումները այս իմաստով։
Պատմական ճգնաժամային օրեր կ’ապրի Հայաստանը, տարածաշրջանի քաւութեան նոխազը դառնալու ծրագիր կը մշակուի անոր դէմ։
Հայաստանի ազգային դիմագիծը աղաւաղելու այս պարտադրանքն է, որ կը բանեցուի Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վրայ։
Ժողովուրդին պոռթկումը այս էական քայլերուն դէմ է, հայրենիքի ու անոր դիմագիծի եւ էութեան փոփոխութեան դէմ, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր բանակցողներ քաղաքական հարթակ բերել եւ հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութիւնը պահպանել, որպէսզի կարելի ըլլայ իսկական, ոչ թէ պարտադրուած խաղաղութեան ուղղուիլ Ատրպէյճանի հետ։
Հայաստանի հայկական էութիւնը փոխելու յատկապէս Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ խաղաղասիրական խաբկանքը բնականաբար այստեղ չ’աւարտիր։
Հետագային Հայաստանի սահմանային գիւղերու ժողովրդագրական պատկերը փոխելու ճիգերը եւս երեւելի պիտի դառնան, երբ ատրպէյճանցի գաղթականներով լեցուին մեր հայրենիքի սահմանային գիւղերը, եւ հեռու չէ որ տարուէ տարի ժողովրդագրական պատկերը կտրուկ փոփոխութիւն կրէ ատրպէյճանցիներու ստեղծած լարուած մթնոլորտին որպէս հետեւանք, փոխարէնը արցախցիները Արցախ վերադարձնելու օրակարգն իսկ հեռացնելով բանակցութիւններու օրակարգէն։
Այս բոլորը կուլ չտալու պայքարն է, որ կը մղուի Երեւանի տարբեր պողոտաներուն մէջ այս օրերուն։ Պայքար մը, որ ինչպէս Բագրատ սրբազան կը յայտարարէ՝ ո՛չ աթոռի, ո՛չ պաշտօնի, ո՛չ շահու համար է, այլ՝ հայրենիքի ու անոր հայկական էութեան, տարածքներու պահպանման համար։
Վտանգալից օրեր կ’ապրինք ազգովին ու այս լարուածութենէն ո՛չ արեւմուտքը, ո՛չ այլ ուժեր դուրս կրնան բերել հայն ու Հայաստանը։
Պարտադրուած օրակարգեր կուլ չի տար հայրենի մեր ժողովուրդը, որ սնանած է Րաֆֆիի, Խրիմեանի, Շիրազի ու Սեւակի խօսքերով, իր երիտասարդ նահատակներու արիւնով բեղմնաւորած է դարաւոր հայրենիքը ու ամէն օր ձայն կը բարձրացնէ Տաւուշէն մինչեւ Երեւան՝ հաւատալով որ հայ ազգը իր ողջ էութեամբ կրնայ դէմ դնել պարտադրուող օրակարգերուն, պատմութեան ու սերունդներուն առջեւ բարձր պահելով իր արժանապատուութիւնն ու պատիւը, իր հայրենիքն ու անոր հայկական, քրիստոնէական էութիւնը։